2015-01-28 13:40:13

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Քիարա Լուպիխի երանացման դատի բացումին առթիւ։


Երեքշաբթի` 27 յունուար 2015-ին, բացումը կատարուեցաւ եկեղեցական Ֆոքոլարինի շարժումի հիմնադրուի` Քիարա Լուպիխի երանացման եւ սրբադասման դատին։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղեց որուն մէջ մաղթանք յայտնեց որ Քիարա Լուպիխի կեանքի լուսաւոր օրինակը, անոր հոգեւոր ժառանգորդներու մէջ արթնցնէ վերանորոգ յանձնառում` յարելու Քրիստոսի հաւատարմութեամբ ու ծառայելու ի սպաս Եկեղեցւոյ միութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա հայցելով Աստուածային առատ օրհնութիւններ, անոնց վրայ որ կ՛աշխատին երանացման դատի ծիրէն ներս կը յորդորէ Աստուծոյ Ժողովուրդին ճանչցնել, կեանքն ու գործունէութիւնը անոր որ ընկալելով Աստուծոյ հրաւէրը եկեղեցւոյ միութեան ուղեւորութեան ճանապարհի վրայ վարեց նոր լոյս մը։
Վերոյիշեալ պատգամը ուղարկուեցաւ Ֆրասքադի թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ռաֆֆաէլլօ Մարթինելլիին որ երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական յանձնախումբի նախագահն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.